2013-06-20 13:55:33

Գաղթականութեան Զոհերու Նուիրուած` Համամիութենական Աղօթք։


Մակ-ի կողմէ հռչակուած Փախստականներու համաշխարհային օրուայ առթիւ, հինգշաբթի 20 յունիս 2013-ի երեկոյեան ժամը 6-ին, Հռոմի ''Սանդա Մարիա ին Դրասդեւերէ'' տաճարին մէջ, վեցերորդ տարուայ համար, տեղի կ՛ունենայ ''Յոյսով մեռնիլ'' խորագրով աղօթքի երեկոյ մը նուիրուած Գաղթականութեան զոհերուն, զոր կը նախագահէ Գաղթականներու եւ Փախստականներու հովութեան Քահանայապետական Խորհուրդի նախագահը Կարտինալ Անթոնիօ Մարիա Վէլիոն։
Այս առթիւ նախատեսուած է համամիութենական աղօթք մը բոլոր այդ անձերուն համար որոնք իրենց կեանքը կորսնցուցին՝ դէպի Եւրոպայ ճանապարհորդութեան ընթացքին։
Վերոյիշեալ համամիութենական աղօթքի երեկոն կազմակերպուած է եկեղեցական զանազան հաստատութիւններու կողմէ որոնց շարքին նշենք ''Սանդ էճիտիոյի'' հասարակութիւնը եւ Իտալական Գարիթասը ինչպէս նաեւ Իտալիոյ Աւետարանական Եկեղեցիներու միութիւնը։
Յայտնենք որ գաղթականութեան զոհերու թիւը 1988-էն մինչեւ օրըս գերացանցած է 19 հազարը` այրեր, կիներ եւ մանուկներ որոնք իրենց հողը կը թողուն, պատերազմէն, հալածանքներէն, հիւանդութիւններէն եւ սովէն փախչելու համար, աւելի լաւ ապագայի մը յոյսով, սակայն յաճախ չեն հասնիր իրենց նպատակավայրին։
Աղօթքի հսկումը կազմակերպուած է վերյիշելու ու չմոռնալու շատ մը անհատներու յոյսը ու ապաստան փնտռողներու տառապանքը, եւ ողբերգրութիւններու առջեւ չվհատելու ու յանձնառու ըլլալու կերտելու աւելի արդար ու մարդկայնական աշխարհ մը ։








All the contents on this site are copyrighted ©.